login
Ռազմավարութեան ծրագրաւորում՝ իրավիճակներու հիմքի վրայ

44 օրեայ պատերազմի պատճառով ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) «Ռազմավարութեան ծրագրաւորում՝ իրավիճակներու հիմքի վրայ» յատուկ դասընթացքը մշակեց: Դասընթացքը պատրաստուած է փորձագէտներու եւ նշանաւոր մասնագէտներու կողմէ եւ տեղադրուած է ել. ուսուցման հարթակին: Նպատակն է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ազգային անվտանգութեան խնդրիրներով հետաքրքրուողներուն եւ յանձնառուներուն ծանօթացնել ռազմավարութեան ծրագրաւորման լաւագոյն գործառքները:  
 

Այս դասընթացքը կը ներկայացուի IRC (շահագրգռուածութիւն, լուծում, կարելիութիւն) մեթոտով, խիստ անորոշ միջավայրերը գնահատելու, իսկ ազգային անվտանգութեան գաղափարն ու կիրառումը աւելի հասկնալի դարձնելու միտումով:


Պատրաստուած է խաղ-վարժութիւնով, քարտէզներով, որոնք կ'օգնեն գիտելիքները գործնականօրէն կիրառելու եւ ծրագրաւորելու աշխատանքին:

Դասերուն մէջ կայ նախապէս պատրաստուած յատուկ նիւթ, որ կ'օգնէ ուսանողներուն հասկնալու դասի ընթացքը, նիւթերը: Կազմուած է  փորձագէտներու կողմէ եւ կ'օգնէ տարբեր իրավիճակները եւ  Հայաստանի գալիք ուղիները եւ ռազմավարական հնարաւորութիւնները գնահատելու աշխատանքին:

Տեսանիւթը դիտելու համար սեղմեցէ՛ք այստեղ